Հարցազրոյցը վարեց` ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ
Բեմադրիչ եւ դերասան Նարեկ Դուրեանին հետ հանդիպումը` ուղղակի, թատերախաղերու միջոցով կամ Երեւանի փողոցներուն մէջ` անակնկալօրէն, միշտ ալ հաճելի է ու հետաքրքրական:
Կրկին Լիբանան կը գտնուի ան` երկու ներկայացումով գոհացնելու լիբանանահայ արուեստասէրներուն տարբեր ճաշակները. արդարեւ, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէին, ուրբաթ, 8 եւ կիրակի, 10 մարտին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ իր խումբին հետ պիտի ներկայացնէ «Շէնքում իրավիճակ ա փոխուել» կատակերգութիւնը, իսկ ուրբաթ, 9 մարտին, նոյն վայրին մէջ` «Օրագիր» փաստավաւերագրական ողբերգութիւնը:
Այս առիթով «Ազդակ»-ի հետ ունեցած հաճելի, երբեմն` յուզիչ, մերթ բարկացկոտ զրոյցի ընթացքին Նարեկ Դուրեան նախ տեղեկացուց, որ այսօր ինք արդէն իսկ ունի իր անկախ թատրոնը` «Պոեմ» անունով: «Հայաստանի Գրողներու միութեան շէնքին մէջ 10 տարուան համար սրահ վարձեցի` կողքի սենեակներով, այդպիսով ունեցայ իմ թատրոնս` անկախ պետութենէն, մշակոյթի նախարարութենէն, որ ներկայիս չկայ: Ինծի հետ կ՛աշխատին նախկին ուսանողներս` 5-6 հոգի, պայմանագիրով, եւ անոնք գիտեն, թէ մեր թատրոնին մէջ ամէն ինչ մենք պիտի ընենք, ատիկա մեր տունն է, մենք պիտի հոգանք բոլոր կարիքները: Ուրախալի է, որ մենք մեզ կը պահենք, մեր սրահները լեցուն են: Հպարտութեամբ կրնամ ըսել, որ Հայաստանի թատերական պատմութեան մէջ առաջին անգամն է, որ իբրեւ սեփական թատրոն ստեղծուեցաւ «Պոեմ»-ը եւ լաւապէս կը գործէ: Սրահը վարձու ալ կու տանք, սակայն նախ կ՛ուզեմ տեսնել ներկայացումը, որովհետեւ որեւէ բանի կարելի չէ տեղ տալ մեր թատրոնին մէջ, արուեստի որոշ մակարդակ ու արժէք պէտք է ունենայ»:
Ապա Նարեկ Դուրեան պատմեց, թէ ինչպէ՛ս ծնունդ առած է «Օրագիր» ներկայացումը, որ ողբերգութիւն է` նուիրուած Սումկայիթի ու Պաքուի ջարդերուն եւ հիմնուած է Լիանա Բաղդասարեանի անձնական օրագրութեան վրայ: «Շատ հետաքրքրական պատմութիւն մըն է. շուրջ 15 տարի առաջ Ստեփանակերտի մէջ, ուր կը գտնուէի «Մօրաքոյրս Փարիզէն» ներկայացման համար, կին մը մօտեցաւ եւ ինքզինք ծանօթացուց` Լինա, եւ ինծի երկարեց դպրոցական, ճմռթկուած տետրակ մը եւ ըսաւ, թէ իր անձնական օրագրութիւնն է, զոր ինք գրած է Սումկայիթի եւ Պաքուի ջարդերուն ընթացքին: «Օրագրութիւնս ձեզի կու տամ, թերեւս ուզէք բեմադրել», ըսաւ: Առի, բացի, նայեցայ, յստակ էր, որ բաւական տագնապալի վիճակներու մէջ գրուած էին այդ տողերը. յանկարծ կարծէք ելեկտրական ցնցում ունեցայ` ձեռքէս մինչեւ գլուխս ամբողջ: Պահ մը վախցայ, որ կրնամ տետրակը կորսնցնել, ուստի առաջարկեցի յաջորդ օրը կապուիլ կրկին հեռաձայնով, եւ ինք ինծի բերէ կրկնօրինակը, որովհետեւ ատիկա պատմական բնագիր մըն էր, իսկ զայն ստանձնելը` մեծ պատասխանատուութիւն: Յաջորդ օրը չհեռաձայնեցի, այլ զբաղումներ ունեցայ, ու այդպէս ալ մոռացութեան տրուեցաւ: Բայց եւ այնպէս, հակառակ անոր որ այդ տարիներուն քանի մը բջիջային հեռաձայն փոխած եմ, սակայն չեմ կրցած ջնջել Լինային թիւը, թէեւ ոչ մէկ օր հեռաձայնած եմ, անոր թիւը փոխանցուած է հեռաձայնէ հեռաձայն ու մնացած մօտս: Նախորդ տարի, երբ կը մտածէինք ի՛նչ բեմադրել, ըսինք, թէ «Նեմեսիս» բեմադրած ենք, եւ ափսոս է, որ Սումկայիթի վերաբերող նիւթ մը չունինք: Ճիշդ այդ վայրկեանին մտքիս մէջ փայլատակեց այս կնոջ անունը, ուղղակի հեռաձայնեցի, խնդրեցի, որ հանդիպինք, եւ յանձնէ օրագիրը: Բնականաբար բեմագրութիւն չէ, օրագրութենէն 30 տոկոս մնացած է բեմագրութեանս մէջ, սակայն կորիզը կը կազմէ: Պատմութիւնն է չորս հայ աղջիկներու` Ռուզան, Լինա, Մարկարիթա եւ Ալվիտա, որոնք այդ օրերուն ուսանողներ եղած են Պաքուի մանկավարժական հիմնարկին մէջ: Իւրաքանչիւրը տարբեր նկարագիր է, բնականաբար, անոնց ընկերները ազրպէյճանցի տղաք ու աղջիկներ են, շատ հետաքրքրական է, թէ ինչպէ՛ս ամէն ինչ կը փոխուի, հակառակ ուղղութիւն կը ստանայ, իսկ իւրաքանչիւր աղջիկ ինչպիսի՛ ճակատագիրի կ՛ենթարկուի… Ինծի համար յատկանշական էր նաեւ, որ այդ աղջիկները որքա՛ն ուժեղ եղած են. իգական սեռի ներկայացուցիչի եւ ուսանողի հանգամանքները մեծ ազդեցութիւն ունեցան վրաս, անոնք ուժեղ են ոչ թէ այն իմաստով, որ կռիւ եւ այլ բռնութիւններ կատարած են, այլ մարդկային առումով անոնց ցուցաբերած կեցուածքին մասին է խօսքս: Օրագրութենէն վերցուցի հատուածներ, որոնց մէջ աւելցուցի հայութեան վերաբերող տարբեր նիւթեր` սփիւռքի պատմութիւն, երկրաշարժ, մշակութային ժառանգութիւն եւ այլն, իսկ այս բոլորին կեդրոնը աղջիկներուն պատմութիւնն է»: Նարեկ Դուրեանի դէմքը կը փոխուի, արցունքը կ’երեւի աչքին ծայրը, երբ կը յայտնէ, որ չորս աղջիկները օր մը եկած են իրենց պատմութիւնը դիտելու, կրկին յիշելու իրենց ապրած ողբերգութիւնը, որուն մէջ տեղ գտած դէպքերը բեմ բարձրացնելու համար իրենց արտօնութիւնը ստացած էր Ն. Դուրեան, որ հերոսութիւն կը նկատէ կրկին ականատես ըլլալ այդ բոլորին: «Բեմին վրայէն անընդհատ չորս աղջիկներուն կը հետեւէի, անոնք ընդհանրապէս բեմին կողմը չէին նայեր, այլ պարզապէս կը լսէին, չէին ուզեր նայիլ ու իրենց աչքերով տեսնել իրենց կրածը», յայտնեց ան` աւելցնելով, որ շատ ազդեցիկ է, թէ յատկապէս կարգ մը պահերու եւ դէպքերու պարագային աղջիկներուն դէմքերուն վրայ որքա՛ն տարբեր արտայայտութիւններ կ’ուրուագծուին: